2015-01-02 09:29:52

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին պատգամը Ռիօ տը Ժանէյրոյի` ձեր հաւատքը աւելի ամուր է քան անարդարութիւնները։


(Ռատիօ Վատիկան) ‘’Պրազիլի Քորքովատոյէն բխած Քրիստոսի լոյսը թող լուսաւորէ սրտերը բոլոր պրազիլցիներուն’’, այս է մաղթանքը ֆրանչիսկոս Քահայանապետին, Ռիօ տը Ժանէրոյի բոլոր բնակիչներուն ուղղած իր լսատեսողական պատգամին մէջ, քաղաքին հիմնարկութեան 450-րդ տարեդարձին առթիւ։
Քաղաք մը ողողվուած թէ լոյսով թէ խաւարով, որուն մէջ սակայն, Աստուած կ’ապրի, կ’ըսէ Սրբազան Քահանայապետը, բոլորէն խնդրելով պայքարիլ անարդարութիւններու ու բռնութիւններու դէմ։ Նորին Սրբութիւնը պատգամին մէջ կը մատնանշէ որ Ռիօ տը Ժանէյրէէն, հիմնարկութենէն մինչեւ այսօր, կը ցոլացուի Քրիստոսի լոյսը, ու մաղթանք կը յայտնէ որ Հաւատքի լոյսը տարածուի բոլոր Պրազիլի վրայ։
Նշենք, որ բազկատարած Քրիստոսի արձանը զետեղուած է Քորքովատոյի բլուրին գագաթը, ուրկէ կարելի է հիացումով դիտել բնութեան գեղեցկութիւնը եւ այս պատճառաւ Ռիօ տը Ժանյէրօ քաղաքը կը կոչուի ‘’Հրաշալի քաղաք’’։ Բարձունքէն դժբախտաբար նաեւ կը նշմարուի քաղաքին հակասութիւններն ու աղտը, արդիւնքը ընկերային անհաւասարութեան` զեխութիւն եւ չգաւորութիւն, անարդարութիւն ու բռնութիւն։ Այսպէսով Ռիօ տը Ժանէյրոն դարձած է բազմամշակութային ու բարդ իրադրութիւն մը։
Ասիկա կ’ըսէ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը պատճառ մը չէ յուսալքուելու, որովհետեւ ‘’Աստուած կը բնակի քաղաքին մէջ’’։ Քրիստոս` Փրկիչը, կը ճանչնայ կարիքները ու տառապանքը երկրի մէջ ապրողներուն։ Անոր բազկատարած ձեռքերը հրաւէր մըն են յաղթահարելու բաժանումները ու կերտելու քաղաք մը միացած զօրակցութեան, արդարութեան ու խաղաղութեան մէջ։ Ինչպէ՞ս կարելի է այդ իրագործել, սկսելով շինիչ երկխօսութենէն, որովհետեւ եսասէր անտրաբերութեան ու բուռն բողոքի միջեւ կայ կարելի ընտրանք մը` երկխօսութիւնը։ Անկախ իւրաքանչիւրի դաստիարակութեան կամ հարստութեան մակարդակէն, կ’եզրափակէ Սրբազան Հայրը, իւրաքանչիւր անհատ բան մը ունի տալիք, որով կարող է սատարել կերտելու աւելի արդար ու եղբայրական քաղաքակրթութիւն մը։ Այդ յաջողցնելու համար հարկաւոր է դիտել ‘’պարզ անձերը’’, ամէնքը կարող են շատ բան սորվիլ անոնց վեհանձն ու զօրավիգ օրինակէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.